2015-11-05 11:42:00

Ֆրանչիսկոս Պապ. ''Քրիստոնեան կը հիւրընկալէ` դուռը չի փակեր, փարիսեցիները կը մերժեն''։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի` 5 նոյեմբեր 2015-ին, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը խօսքը կեդրոնացուց հիւրընկալութեան, նեռարումի եւ մերժումի ու բացառութեան վրայ։

''Քրիստոնեան, ըսաւ Ան, կը ներառէ, կը հիւրընկալէ, դուռը չի փակեր ոչ մէկուն դիմաց։ Այն որ կը բացառէ ու ինքզինք աւելի լաւ կը համարէ ուրիշներէն, հակառակութիւն եւ բաժանում կը ստեղծէ ու ասոր համար օր մը հաշիւ պիտի տայ Աստուծոյ ատեանի առջեւ։

Մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումները Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկեց Սուրբ Պօղոսի Հռովմէացիներուն ուղղուած թուղթին, որուն մէջ առաքեալը կը յորդորէ չարհամարհել եղբայրակիցը որովհետեւ այս մէկը կը մտի բացառել զայն մեր փոքրիկ խմբակէն, մինչ Քրիստոս իր չարչարանքի զոհաբերումով կը միացնէ ու փրկութեան մէջ կը ներառէ բոլոր մարդիկը։

Սրբազան Հայրը ապա ակնարկեց փարիսեցիներուն եւ դպիրներուն որոնք իրենք զիրենք կատարեալ կը համարէին ու կ՛արհամարհէին ուրիշները ապա հաստատեց թէ բացառութեան ճանապարհը կը տանի հակամարտութեան ու պատերազմի մինչ Յիսուսի մեզի ցոյց տուած ճամբան ներառումի եւ հիւրընկալութեան ճանապարհ է։

Մենք, ըսաւ ապա Սրբազան Հայրը, մեր տկարութիւններով եւ սահմանափակ կարողութիւններով ու մեր նախանձով կը միտինք միշտ ունենալ ''բացառումի'' վերաբերմունք մը, մինչ Յիսուս կորսուած ոչխարի եւ կորսուած լումայի առակներով մեզի ցոյց կու տայ թէ ներառումի վարուելակերպը ուրախութեան առիթ կը դառնայ, հովիւը որ ոչխարը կը գտնէ եւ այրին որ լուման կը վերագտնէ, ուրախութեամբ կը լեցուին։ Եւ Յիսուս ինք եւս կը ջանայ մեզ ներառել ու մեզ դարձնել ընտանիք, Ան եկաւ աշխարհ բոլոր մարդոց փրկութեան համար, առանց բացառութեան։

Սրբազան Հայրը ապա հրաւէր ուղղեց գործելու առանց դատելու ուրիշները եւ առանց զանոնք բացառելու մեր սրտէն, մեր աղօթքէն կամ անոնց ժխտելու մեր ողջոյնը, մեր ժպիտը ու մեր բարի խօսքը։

Սուրբ Պօղոս արդարեւ կը յիշեցնէ թէ ամէնքս օր մը պիտի ներկայանանք Աստուծոյ դատաստանին դիմաց ու մեզմէ ամէն մին հաշիւ պիտի տայ։ Հայցենք Աստուծմէ շնորհքը ըլլալու այրեր եւ կիներ որոնք միշտ կը ներառեն, չի փակենք դռները եւ ոչ մէկուն դիմաց, եւ ունենանք միշտ բաց սիրտ մը։ Թող Տէրը մեզի պարգեւէ այս շնորհքը։ Ամէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.